Անհապա՛ղ ապաշրջափակում, բայց ոչ ի հեճուկս Արցախի ինքնորոշման․ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի պատգամը
Արամ Ա. Կաթողիկոսը պատգամ է հղել Արցախի Հանրապետության 32-րդ ամյակի առթիվ․
«Այսօր Արցախի անկախութեան տօնն է: Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Արցախի
անկախութեան 32-րդ տարեդարձը:
Ահա շուրջ ինը ամիսներէ ի վեր շրջափակումի ենթարկուած է Արցախը Ազրպէյճանի կողմէ
եւ ենթակայ է սովամահ դառնալու վտանգին: Սակայն, Արցախի ժողովուրդին հաւատքը, վճռականութիւնն
ու յոյսը ո՛չ մէկ ուժ կրնայ շրջափակումի ենթարկել:
Անկախութիւնը աստուածատուր իրաւունք է: Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական
սկզբունքներէն մէկն է: Արդ, ո՛չ մէկ ազգ իրաւունք ունի բռնաբարելու ուրիշ ազգին անկախութիւնը:
32 տարիներ առաջ Արցախի ժողովուրդը իր անկախութիւնը հռչակած է եւ բազմիցս վերահաստատած:
Հետեւաբար, սիրելի՛ Արցախ, մնացի՛ր ամուր` քու ինքնորոշման արդար իրաւունքը հարցականի
տակ առնող ներկայ պայմաններուն մէջ: Մնացի՛ր կառչած քու հաւաքական կեցուածքին: Դուն
առանձին չես, ողջ հայութիւնը քեզի հետ է:
Եղի՛ր միակամ բռունցքի նման, հեռու մնալով կամքդ ջլատող ներքին հակադրութիւններէ:
Եղի՛ր զօրեղ ժայռի նման, մերժելով քեզ համակերպութեան մղող մօտեցումները:
Թող պահանջատիրութեան ձայնդ հնչէ աշխարհի լռութեան ու անտարբերութեան դիմաց:
Թող քու մարտունակ ոգիդ միշտ մնայ ուժեղ ու հատու:
Թող իմանան բոլորը, մօտաւոր թէ հեռաւոր, թէ Արցախին ձայնը կարելի չէ լռեցնել, սոսկ
հաց ու դեղ տալով:
Թող իմանան բոլորը, մօտաւոր թէ հեռաւոր, թէ Արցախի ապաշրջափակումը չի կրնար ըլլալ
ի հեճուկս անոր ինքնորոշման արդար իրաւունքին:
Թող իմանան բոլորը, մօտաւոր թէ հեռաւոր, թէ մարդասիրական տագնապ ստեղծելով չեն
կրնար Արցախը ծունկի բերել:
Նայեցէ՛ք մեր դարաւոր պատմութեան: Մեր ժողովուրդը իր պատմութիւնը կերտեց, իր գոյութիւնը
ամրագրեց եւ իր ինքնութիւնը պահեց նաեւ «ո՛չ» ըսելով` մեր հաւատքը խաթարող, մեր ինքնութիւնը
այլափոխող ու մեր անկախութիւնը յափշտակել փորձող ուժերուն դէմ: Մեր հաւաքական «ոչ»-ով
մենք մնացինք տոկուն պատմութեան արհաւիրքներուն մէջ:
Այսօր եւս, Արցախը, եւ Արցախին հետ մեր ողջ ժողովուրդը, միահամուռ կերպով կ՛ըսէ
«ո՛չ»:
Ո՛չ` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը մոռացութեան դատապարտելու ձգտող ճիգերուն:
Ո՛չ` Արցախը իր հայութենէն պարպելու սադրանքներուն:
Ո՛չ` Արցախի կրօնական, մշակութային ու ազգային ինքնութիւնը այլափոխող ապօրէն ծրագիրներուն:
Ո՛չ` Արցախը Ազրպէյճանի հողային տարածքին մէջ ներմուծելու դաւերուն:
Ո՛չ` տարբեր քողի տակ Արցախի հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն կազմակերպելու դիւային
փորձերուն:
Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք 5-րդ դարուն ըսին` այս հաւատքէն մեզ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ
խախտել: Քրիստոնէական հաւատքը շաղախուած էր անկախութեան ոգիով եւ զսպանակուած` ազգային
արժէքներով ու իտէալներով:
Արցախի պատմութեան ներկայ ճակատագրական հանգրուանին, Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց հաւատքով
վերանորոգուած ու կամքով կռանուած, մեր ողջ ժողովուրդը Արցախի հետ միասին կ՛ըսէ աշխարհին
դիմաց` Արցախին ազատօրէն ապրելու, գոյատեւելու ու ստեղծագործելու աստուածատուր իրաւունքը
ո՛չ մէկ ուժ կրնայ խլել:
Ահա՛ մեր համազգային ուխտը` այսօ՛ր ու մի՛շտ:
Փառք ու պատիւ իրենց արիւնով Արցախի անկախութիւնը կերտած
նահատակներուն եւ իր նահատակներու սրբազան ուխտին հաւատարիմ Արցախի ժողովուրդին»: