ABCMEDIA
Այն, ինչ Ալիևը 2023-ին կատարեց Արցախի դեմ, նույն քաղաքականությամբ ահ ու սարսափի կենթարկի Հայաստանի քաղաքացիներին․ Օքամպո

Այն, ինչ Ալիևը 2023-ին կատարեց Արցախի դեմ, նույն քաղաքականությամբ ահ ու սարսափի կենթարկի Հայաստանի քաղաքացիներին․ Օքամպո

Միջազգային քրեական դատարանի նախկին գլխավոր դատախազ  Լուիս Մորենո Օքամփոն դասախոսել է Անթիլիասի Մայրավանքում։ Այս մասին տեղեկացնում են Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից։

«Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր ու առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ դասախօսեց լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կրթական ու ընկերային միութիւններու, կուսակցական եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան։ Դասախօսուոթեան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագրի հրամայականներուն պատասխանել»։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ եւ Պէյրութի Ամերիկեան, ու Լիբանանի Պետական համալսարաններուն մէջ քաղաքական գիտութեան եւ միջազգային օրէնքի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։ Ան համապարփակ ակնարկ մը նետեց միջազգային օրէնքին մէջ ցեղասպանութեան հռչակագրին որդեգրումին եւ անոր յաջորդող առնուած քայլերուն՝ կանխարգիլելու համար ցեղասպանութիւնները եւ հաշուի կանչելու համար ցեղասպանները։ Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութեան հռչակագիրը իր մէջ ներառած էր Միջազգային Քրէական Դատարանին կազմութեան տեսիլքը ու հիմնադիր բնագիրը եւ ազդեցութիւն ունեցած է զանազան միջազգային օրէնքներու կազմաւորման վրայ։ Դոկտ. Պայրագտարեան դիտել տուաւ, որ հակառակ ցեղասպանութեան հռչակագրին, որուն կազմութեան դրդապատճառներէն հիմնականն էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պետութիւններուն վրայ դրած պարտքին, անոր կիրառումը կը մնայ մեծապէս թերի։ Ցեղասպանութեան հռչակագրին կենդանի ժառանգութիւնը արտացոլելու եւ անոր ձախողութեան խնդիրները հարցադրելու միտումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կազմակերպեց այս դասախօսական երեկոն՝ հրաւիրելով մեծահամբաւ դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ։ Ուստի, դոկտ. Պայրագտարեան ջերմօրէն ողջունեց դատախազը՝ հրաւէրը ընդառաջելուն համար, եւ ամփոփ կերպով ներկայացուց անոր ասպարէզին կենսագրականը, որ հարուստ է խիզախ կեցուածքներով, ի մասնաւորի Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն առնչուած, ինչպէս նաեւ դատախազին վերջին հրատարակութեան՝ Միջազգային Քրէական Դատարանի ներքին խոհանոցին մասին։

Յաջորդիւ, բեմ բարձրացաւ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ։ Երախտագիտութիւն յայտնելէ ետք Մայրավանք գտնուելու հրաւէրին համար՝ ան երեք կենդանի օրինակներով ընդգծեց հայու տիպարին պայքարող գիծը եւ քաջալերեց չմարել այս ոգին՝ յաղթահարելու համար ներկայ մարտահրաւէրները։ Առաջին հերթին ան խօսեցաւ Գալիֆորնիայի Գերագոյն ատեանի դատախազ լիբանանահայ Կասիա Աբգարեանին մասին՝ անդրադառնալով օր մը առաջ Միջազգային Քրէական Դատարանին մէջ Ազրպէյճանի կատարած ցեղասպանութեան գծով քննութիւն բանալու հայցին։ Ան ըսաւ, որ Աբգարեան ո՛չ միայն փաստեր ներկայացուցած է Արցախի վերջին պատերազմէն մինչեւ Արցախի պարպումին տանող ժամանակաշրջանին վերաբերեալ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան, այլ նաեւ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան սպառնացող ցեղասպանութեան առնչուած։ Խօսելով ցեղասպանութիւն կատարելու մտադրութեան ապացոյցներու մասին՝ Օքամփօ ներկայացուց Ալիեւի ռեժիմին թէ՛ յայտարարութիւնները եւ թէ՛ քայլերը, որոնք Աբգարեան օգտագործած է իր փաստաթուղթերուն մէջ։ Այն ինչ որ Ալիեւ 2023-ին կատարեց Արցախի դէմ, արդէն իսկ տարիներ առաջ, օրինակ 2015-ին, տարբեր յայտարարութիւններով մտադրութիւն ցուցաբերած է, իսկ ներկայիս, նոյն քաղաքականութեամբ ահ ու սարսափի կ՚ընթարկէ Հայաստանի քաղաքացիները, ըսաւ ան։

Օքամփօ նաեւ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան հռչակագիրին սահմանափակումներուն եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի դատախազութեան օրերուն իր գործունէութեան մասին՝ ընդգծելով, որ համաշխարհային միասնականութիւնը կարեւոր է պայքարելու համաշխարհային մեծ պետութիւններու քաղաքականութեան։ Վերջապէս, ան խօսեցաւ Արցախի հարցին առնչութեամբ իր հետաքրքրութեան եւ այս ուղղութեամբ իր տարած աշխատանքներուն մասին։

Հուսկ, իր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Ողջունելէ ետք Օքամփոյին ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ Նորին Սրբութիւնը իր միտքերը բաժնեց հինգ հիմնական կէտերու մէջ։ Ան ըսաւ, որ մարդկութեան դէմ ոճիրի կանխարգիլումը պէտք է սկսի ազգային գետնի վրայ, իսկ ցեղասպանութեան եղելութեան դիմաց լռողները եւս հարկ է ենթակուին պատժամիջոցներու։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ նաեւ, որ միջազգային ընտանիքը իրաւական գործընթացի կողքին պէտք է քաղաքական կամք պարտադրէ իր հաշուեյարդարին մէջ եւ կարեւորեց համաշխարհային կառավարման նոր մեթոտի մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։

Իր խօսքի աւարտին, բարձր գնահատելով դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփոյի հայանպաստ աշխատանքը եւ հայ դատի պահանջատիրական պայքարին մէջ անոր ունեցած ներդրումը՝ Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց զինք»,- ասվում է հաղորդագրության մեջ։